2014-10-01 11:25:48

Պատրիարք` Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ խնդրած է իսլամ կրօնապետերէն խստիւ դատապարտել մահմետական ծայրայեղները։


Վատիկանը անգամ մը եւս հաստատեց թէ վաւերական եւ ստիպողական է որ միջազգային հասարակութիւնը ներգործէ իսլամ պետութեան դէմ, վերջ տալու համար ծայրայեղ մահմետականներու նախայարձակումներուն եւ երաշխաւորելու անմեղ քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը։
Այս ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բազում անգամներ միջամտեց ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն, որոնք թիրախ են Իսլամական պետութեան անողորմ արարքներուն։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը իր կարգին դատապարտեց կարգ մը պետութիւններու լռութիւնը յաչս այս տմարդի ընդհարումին։
Իրաքի Քաղտիացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ իր կարգին խնդրած է իսլամ կրօնապետերէն ու պետութիւններէն խստիւ դատապարտել մահմետական ծայրայեղները։ Պատրիարքը այս կոչը կատարած է ''Իտ ալ ատհա'' մատաղի տօնին առթիւ իր ուղղած պատգամին մէջ, որ կը յիշատակուի 4-7 Հոկտեմբեր։
Բարեմաղթական այս պատգամով, Պատրիարքը Աստուծմէ կը հայցէ որ պաշտպանէ մահմետականները ու փրկէ հայրենիքը ամէն չարէն։ Մենք քրիստոնեաներս անբաժան մէկ մասը կը կազմենք Իրաքեան ընկերութեան։ Կ'ուզենք ձեզի հետ համագործակցիլ մեր հայրենիքի բարգաւաճումին ու ժողովուրդին հասարակաց բարիքին համար։ Իսլամական պետութիւնը մեր քաղաքներէն վտարեց մեզ եւ նոյնիսկ Պաղտատին մէջ ճնշում կը բանեցնէ մեր վրայ։ Սակայն մենք ձեզի կ'ըսենք. ձեզ կը սիրենք, որովհետեւ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց մեզի սիրել բոլոր մարդիկը։ Մենք վստահ ենք որ բոլոր մահմետականները համաձայն չեն իսլամ պետութեան հետ։
Պատրիարքը կոչ ուղղեց Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան որպէսզի համագործակցի ինքնավար Քիւրտիստանի հետ Մուսուլ քաղաքը ազատագրելու եւ բարեպատեհութիւն տալու աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն արտահանուած քաղաքացիներուն տուն վերադառնալ մինչ ձմեռը կը սկսի։







All the contents on this site are copyrighted ©.